2015-01-28 11:12:51

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Ընտանիքը. Հայր''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 28 յունուար 2015-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած Իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալներուն։
Շարունակելով Ընտանիքի մասին իր սկսած խորհրդածութիւնները, Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց ''Հայր'' բառին վրայ։
Բառ մը որ մեզի քրիստոնեաներուս շատ սիրելի է – ըսաւ Քահանայապետը – որովհետեւ անով է որ Յիսուս մեզի սորվեցուց կոչել զԱստուած։
Այս բառը տիեզերական է եւ ճանչցուած բոլորէն։ Կը յատկանշէ հիմնական կապ մը, թէեւ այսօր կը հաստատենք թէ ''առանց հայրի ընկերութիւն մըն ենք'', եւ արեւմտեան աշխարհի մշակոյթին մէջ հօր պատկերը խորհրդանշանականօրէն բացակայ է։ ''Սակայն հօր մը բացակացութիւնը մանուկներու եւ երախներու կեանքէն ` լուրջ թերութիւններ եւ վնասներ կը յառաջացնէ'' - ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով թէ ''շատ մը երիտասարդներ կ՛ապրին որբերու նման որովհետեւ անոնց հայրը յաճախ բացակայ է, կամ ալ իր զաւակներուն չի փոխանցեր պէտք եղած դաստիարակութիւնը ու անոնց չի փոխանցեր ոչ իսկ կեանքի արժէքներն ու սկզբունքները։
Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց թէ` քաղաքացիական ընկերութիւնը իր կարգին կարեւոր պատասխանատուութիւն մը ունի երիտասարդներուն նկատմամբ, պատասխանատուութիւն մը որ յաճախ անտեսուած է կամ ալ չարաչար գործածուած։ Ան ալ շատ անգամ երիտասարդները որբ կը թողու ու անոնց չի տար հեռանկարի մը իրականութիւնը ու երիտասարդները կը մնան որբ` ապահով ճանապարհէ մը, որբ` վստահելի դաստիարակներէ, որբ` սիրտը ջերմացնող իտէալներէ եւ որբ` արժէքներէ եւ յոյսէ որոնք անոնց թիկունք են առօրեային մէջ։ Այս պարապութիւնը - ըսաւ ապա Քահանայապետը - կը լեցուի կուռքերով, որոնք անոնց սրտերը կը յափշտակեն ու զանոնք կը խափէն դրամ աստուծմով որ անոնց իսկական հարստութիւնը կը մերժէ։
Հարկաւոր է առ այդ բոլորին յիշեցնել Յիսուսի խոստումը` ''ձեզ որբ պիտի չթողում (Յովհ 14,18)''։ Ան է իսկական ճանապարհը, վարդապետը որ պէտք է ունկնդրել, Յոյսը որ կարող է աշխարհը փոխակերպել, սէրը որ կը յաղթէ ատելութեան եւ որ կարող է ըլլալ բոլորին համար` խաղաղութեան եւ եղբայրութեան ապագայ։
''Յաջորդ շաբաթ` պիտի շարունակենք այս նիւթը, ի յայտ դնելով հայրութեան եւ մայրութեան գեղեցկութիւնը ու ծնողաց պատասխանատուութեան գեղեցկութիւնը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը, որուն աւարտին զանազան լեզուներով ողջունեց Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ համախմբուած հաւատացեալները ու ապա յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն վերյիշելով թէ` ''այսօր կը նշուի Եկեղեցւոյ Վարդապետ` Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի` ծիսական տօնը։ ''Սիրելի երիտասարդներ,Անոր ուսմունքի նուիրումը ձեր մէջ յառաջացնէ գիտութեան յանձնառումը եւ Աւետարանի ծառայութեան կամքը։ Անոր հաւատքը օգնէ ձեզ, սիրելի հիւանդներ, Տիրոջ դիմելու դժուարութեան ընթացքին ու ձեզի սիրելի նորապսակեալներ, անոր հեզութիւնը ձեզի ցոյց տայ ընտանիքէն ներս ամուսնացեալներու յարաբերութեան վարուելակերպը։








All the contents on this site are copyrighted ©.